Page 67 - Demo
P. 67
առաջարկին գալով յանձնաժողովը պիտի փորձէ անգամ մըն ալ դիմել Կ էֆին իր , ... 53 նախապէս խոստացած յանձնառութիւնները կատարելու եւ միեւնոյն ժամանակ որոշուեցաւ պատասխանել որ յարմար կը տեսնէ շրջաբերական մը ղրկել Եգիպտոս , , Եւրոպա եւ Րումանիա առաջնորդներուն հանգանակութեան ձեռնարկելու 54: 2.- Օգտուելով Պալագեան Վարդապետի Բերլին գտնուելէն եւ նկատի ունենալով Բերլինի մէջ մեր Հարցին վրայ մեծապէս ջանք գործ դնելու անհրաժեշտութիւնը ներկա -յիս որոշուեցաւ առաջարկել անոր աշխատակցելու Բերլինի Հայկ Մասնախմբին, . . վերջինիս եւս գրուեցաւ այս մասին 55: ––––– Ապահ Յանձ Նիստ. . [Սեպտ.] 9/22 56Սեպտ. 1.- Զեկուցում գործի ներկայ ընթացքի վրայ . 2.- Պալագեանի տուած հարցերուն պատասխանը . 3.- Մեր դրամական վիճակը եւ հաշուեկշիռ . 4.- Դպրոցական խնդիրներու մասին գերմանացիներու հետ բանակցող յանձ . 1.- Ապահով Յանձնաժողովի նիստէն անմիջապէս վերջ Խորհրդ Ապահով Յանձ. . . .-ի հետ խառն նիստ ունենալու համար քանի որ հոն ալ ընդարձակ զեկուցում մը պիտի , ըլլար գործին ներկայ վիճակին մասին ընթացիկ յարաբերական գործոց մասին միայն , հակիրճ զեկուցում մը տրուեցաւ : Այս առթիւ ի նկատի առնուեցաւ նաեւ թէ Պետրոս Էֆ Հալաճեան իր Պօլիս [ ] . [ ] վերադարձի առթիւ Թալաաթ պէյի կողմէ հրաւիրուած էր Վերջինս մեզի տեղեկա , : -53 Մականուան սկզբնատառը կը յուշէ ակնարկութեան Կիւլպենկեանի մը վերաբերիլը Ո՛չ : անպայման Գալուստ Կիւլպենկեանին :54 Ճէվահիրճեան ընթացք տալով առաջարկին , 19 Սեպտեմբեր 1913 թուակիրով մը Գահիրէ , Շաղօյեան աւագ քահանայէն եւ Քաղաքական Ժողովէն պիտի խնդրէր փութով հանգա -նակութեան մը ձեռնարկել եւ հասոյթը պատրիարքարան ուղարկել Աւագեան Գ ( ., 160–161): Այդ խնդրանքն արդիւնք տուած չըլլալով Զաւէն պատրիարք , 27 Նոյեմբեր 1913 թուակիրով Գահիրէի Քաղաքական Ժողովին պիտի յայտնէր թէ Ապահովութեան Յանձ -նաժողովն արդէն կուտակած էր շուրջ հազար ոսկիի պարտք մը իր հերթին նշելով , անյապաղ հանգանակութեան մը ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը նոյն (, 162–163):55 4/17 Սեպտեմբեր 1913- ին Պալաքեանի ուղղուած նամակին պատճէնին չենք հանդիպած : Պերլինի Հայկական Մասնախումբի նախագահ Գրինֆիլտի ուղղուած նոյն թուակիր նամակով Ճէվահիրճեան կ՚առաջարկէր Ապահովութեան Յանձնաժողովի նախորդ անդամներէն Պալաքեան վարդապետին աշխատակցութիւնը մասնախումբին գործունէ -ութեան՝ պատրիարքարանին կողմէ Այդ նամակն իր շահեկանութեան համար կը ներկա : -յացնենք որպէս Յաւելուած 15:56 Ատենագրողն անուշադրաբար արձանագրած է Օգոստոս :ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 67

