Page 70 - Demo
P. 70
[Սեպտ.] 12/25 64Սեպտ. Ապահով Վարչ եւ Խորհրդ Յանձն Նիստ. . . . Ժողովը մեծամասնութիւն չունենալով կարդացուեցան Բաշայէն եկած նոր նամակները Բերլին երթալու հեռագիրը ինչպէս նաեւ տեղեկութիւն տրուեցաւ այն, , Note- ի մասին որ պատրաստած էր Բաշան Պ Ցիմերմանի տալու Սոյն . : Note- ի մասին քանի մը դիտողութիւններ կատարուած ըլլալով մեր կողմէ գրուեցաւ Բաշային , 65: Հալաճեանը տեսնուած եւ յայտնած էր Թալաաթ բէյին մեր որոշումները : Թալաաթը յայտնած էր ի պատասխանի թէ չը պիտի կրնան համաձայնիլ ուրեմն : Սակայն երբ Հալաճեան էֆ ն երկու ժամ տեւող իր բացատրութիւնները եւ փաստեր . տուած էր մեր պահանջները փաստաբանող Թալաաթը ժամանակ ուզած էր , պատասխանելու: Հալաճեանը ատկէ առաջ թիւրք բարձրաստիճան անձէ մը որ անպայման, , , ազդեցութիւն ունի պետական գործերու մէջ անունը չը յայտնեց թելադրուած էր նոր ( ) ֆօրմիւլ [= բանաձեւ մը առաջարկել ընդհ կառավարչի եւրոպակ պետութեանց] . . համաձայնութեամբ ընտրելու համար հետեւեալ կերպով Օսմ կառավարութիւնը , «. ընդհ քննիչներու պաշտօնին համար երկու եւրոպացիներ կ՚ուզէ Մեծ Պետութիւն. -ներէ ասով փրկուած կ՚ըլլայ թիւրք կառավարութեան պրէստիժը». [= արժանապա -տուութիւնը եւ հաւանաբար ընդունին ըսած է ան] : Հալաճեանը այս ֆօրմիւլը յայտնած է Թալաաթին որ վերապահութեամբ ըն , -դունած է : Թիւրքերու հետ առ այժմ այսքանը խօսելով բաւարար համարուեցաւ եւ որոշուե -ցաւ սպասել առ այժմ 66: 64 Ատենագրողն այստեղ եւս անուշադրաբար արձանագրած է Օգոստոս : 65 Տես Յաւելուած 20: Նուպար Ցիմմերմանի (Arthur Zimmermann) հետ իր ունեցած հանդի -պումը նկարագրած է Արշարունիի ուղղուած 14/27 Օգոստոս 1913 թուակիր ընդարձակ նամակին մէջ Հովսեփյան (, 41–46): Ան Ցիմմերմանի յայտնած է թէ ռուսերու ներկայացու -ցած ծրագիրը հայկական է էապէս Ռուսաստան պարզապէս զայն ներկայացնելու նա , -խաձեռնութիւնն ստանձնած է ի տարբերութիւն այլ պետութիւններու անտարբերութեան . թէ հայերը բնաւ նպատակ չունին Ռուսիոյ շահերուն ծառայելու եւ խնդրոյ առարկայ շրջաններուն մէջ բնակող հայերը պարզապէս կը փափաքին օսմանցի մնալ եւ բարենո -րոգում կը պահանջեն առանց ինքնավարութեան կամ բաժանման նպատակ հետա -պնդելու Նուպար գերմանական կասկածները ջրելու եւ ի բացակայութեան բարենորո: -գումներու՝ յուսահատական արարքներու տեղի չտալու անհրաժեշտութիւնը շեշտելու համար նոյնիսկ կը նշէ թէ հայ եկեղեցական իշխանութիւնները առաջքը առած էին Յունաստանի միջամտութեամբ Կիլիկիոյ մէջ անցնող գարնան խռովութիւն առաջ բերելու ջանքին եւայլն Նուպար ընդհանուր առմամբ բաւական գոհացուցիչ նկատած է իր, : այցելութեան արդիւնքը՝ դատելով Ցիմմերմանի այն խօսքէն թէ Նուպարի այցելութեամբ , համոզուած է որ հայերը ո՛չ ինքնավարութիւն եւ ո՛չ ալ Ռուսիոյ միացում կ՚ուզեն այլ « [] , ազդեցիկ բարեկարգութիւն՝ հակակշիռով »:66 Թալաաթի հետ Հալաճեանի հանդիպման մասին Ճէվահիրճեան կարգ մը տեղեկութիւններ 70 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)