Page 73 - Demo
P. 73
Այսօր.- Գերմանացիները զիջեցին եւ հետեւեալ միջին ֆօրմիւլ մը ընդունելի կը նկատուի երկու կողմէն Պետութիւնները կը յանձնարարեն կամ կը ներկա .- ( -յացնեն երկու եւրոպացի ընդհ քննիչներ որ կ՚անուանէ Բ Դուռը Իւրաքանչիւր) . , . : 5 տարին անգամ մը նոյն ձեւով պիտի անուանուին քննիչները : III Խնդիր Մեր նախնական առաջարկը .- Ընդհ կառավարիչը իրաւունք ունի ընտրելու եւ. հրաժարեցնելու վարչական եւ դատական բոլոր պաշտօնեաներ ն անխտիր [ ] : Բ Դուռը եւ Գերմ կը համաձայնին որ քննիչները պաշտօնանկ ընեն բոլոր. . պաշտօնեաները բայց վալիները եւ իրատէով նշանակուող միւս պաշտօնեաներ, նոյն ձեւով պիտի անուանուին : Գերմանացիները վերջէն նոր զիջում մը ըրին այս պայմանը ընդունելով միայն վալիի համար : Այսօր Ռուսները եւ գերմ համաձայնած կը թուին հետեւեալ ֆօրմիւլի վրայ Ընդհ.- . .- . քննիչները իրաւունք ունին ընտրելու եւ հրաժարեցնելու բոլոր պաշտօնեաները բացի այն պաշտօնեաներու ընտրութենէն որոնք ցարդ իրատէով կ՚անուանուէին , : Այնպիսիներ կ՚առաջարկուին ընդհ քննիչներու կողմէ եւ կ՚ենթարկուին իրատէի . (զանոնք հրաժարեցնելու սակայն իրաւունք ունին ընդհ քննիչները Ռուս եւ գերմ . ): . համաձայնած են ընդհ քննիչներու տալու գործադիր իշխանութեան լայն . իրաւասութիւններ71: * Հայկ պահանջները Բ Դռան ընդունիլ պարտադրելու իբր գործնական միջոց Պ. . . Մանտէլշտամը մեր կարծիքը ուզած էր հետեւեալ ձեւի նկատմամբ Բ Դռան . . ներկայացնել նախ մեր պահանջներու էն էական մասերը այսինքն , 5 կէտեր/secteur-ներու ընդհ քննիչներու անոնց իրաւասութեան կէս առ կէսի եւ կօնտրօլի որոնք, . , , , անմիջապէս գործադրելի ըլլալով անոնց ընդունուիլը Բ Դռան կողմէ ի վիճակի է , . ապահովելու Հայկ Բարենորոգումները Այս կէտերը ընդունիլ տալէ վերջ գործադրու . : -թեան դնել եւ միեւնոյն ժամանակ միւս երկու կէտերու շուրջ բանակցութիւններ սկսիլ : * Վիճաբանութեան դրուեցաւ երկու խնդիր . I- Ընդունի՞լ բարեփոխուած վերի երեք յօդուածները թէ՞ նոր դիմում մը ընել պահանջելով վեց նահանգները գոնէ երկուքի վերածել եւ Տրապիզոնը Հայկ Վիլա . -յէթներու չը կցել : II- . Բ Դռան ընդունիլ տալու Պ Մանտէլշտամի առաջարկած ձեւը յարմար կը . նկատուի՞: Ժողովականներու մէջ երկու տարբեր հոսանքներ կային Առաջինը որ փոքրա : , -մասնութիւնն էր անգործնական եւ միանգամայն ազգի շահերուն վնասակար կը , գտնար մեր երկար ամիսներու ջանքերու շնորհիւ եւ անուղղակի կերպով մեր թելա -դրութեանց արդիւնք եղող սոյն յօդուածներու ներկայ բարեփոխումներու դէմ բողոքել : 71 Տեսնել Յաւելուած 20- ի բնագրին վերաբերող ծանօթագրութիւնը :ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 73